2015-08-03 10:15:00

''Թեզէ''-ի երիտասարդաց հաւաք` եղբայր Ռոժէի ի յիշատակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թեզէ հասարակութիւնը կը պատրաստուի ոգեկոչելու յոյժ կարեւոր երեք դէպքեր. 2015-ին արդարեւ կ՛ ոգեկոչուին երեք տարեդարձեր. 12 մայիսին եղբայր Ռոժէի հիմնադիրը Թեզէի եղբայրութեան ծննդեան հարիւր ամեակն էր, իսկ յառաջիկայ 16 օգոստոսին անոր մահուան 10-րդ տարեդարձն է։ Այս տարի կ՛ոգեկոչուի նաեւ  հասարակութեան հիմնարկութեան 75-րդ տարեդարձը, այս առթիւ առաքելութեան մէջ գործող եղբայրները կանչուած են ''թեզէ'' հաւաքուիլ։ Տօնախմբութեան առանցքը պիտի ըլլայ 9-16 օգոստոս, այդ շաբաթուան ընթացքին ժողովը պիտի կատարուի 18-35 տարեկան երիտասարդներու մասնակցութեամբ։

Յայտագիրը կը նախատեսէ աղօթք եւ  խորհրդածութիւն, որուն նիւթը պիտի ըլլայ. Ուրախութիւն, պարզութիւն եւ ողորմութիւն։ Երիտասարդներուն առիթ պիտի տրուի իրենց կեանքի փորձառութիւնը պատմելու։ Հանդիպումին նախատեսուած է մասնակցութիւնը կարդինալ Քիւրտ Քոխի-ի` նախագահը եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդին, որպէս ներկայացուցիչը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

16 օգոստոսին ժամը 16-ին տեղի կ՛ ունենայ  ապա հոգեհանգստեան աղօթք` ի յիշատակ եղբայր Ռոժէի մասնակցութեամբ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։

Իսկ 30 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր նախատեսուած է միջազգային ուսումնաժողով մը հայող Եղբայր Ռոժէի աստուածաբանական գաղափարին տուած սատարին։ Ուսումնաժողովին կրնան մասնակցիլ 40 տարեկանէն վար Աստուածաբանութեան ուսումնասէրներ ու եկեղեցականներ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.